ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 13 Յունիսին հաղորդեց, թէ 12 Յունիսի գիշերը, Սուրիոյ կառավարական ուժերը Իտլիպի մէջ գտնուող թրքական դիտակէտը ռմբակոծեցին, որուն իբրեւ հետեւանք՝ 3 թուրք զինուորներ վիրաւորուեցան:
Սակայն, Մոսկուա շեշտեց, թէ յարձակումը կատարուած է ոչ-կառավարական զինեալ խմբաւորումի մը կողմէ, որուն դիրքերը ռմբակոծուեցան ռուսական օդանաւերու կողմէ, որովհետեւ խմբաւորումը խախտած էր զինադադարի համաձայնութիւնը։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ թրքական կողմը ռուսական միջամտութեան դիմած է, թուրք զինուորները «Իտլիպի ահաբեկիչներ»էն պաշտպանելու համար: