ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուրբաթ, 14 Յունիսին, ընդունեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Սփիւռքի գործերու նորանշանակ գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան:
Վարչապետը մեծապէս գնահատեց ընկերակցութեան գործունէութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ծրագիրները կը շարունակուին ընդլայնիլ եւ զարգանալ:
Զաւէն Խանճեան նշեց, որ ընկերակցութիւնը կը պատրաստուի նոր թափ հաղորդելու հայրենիքի մէջ տնտեսական, ընկերային եւ կրթական ծրագիրներուն: Խանճեան յայտնեց իր ոգեւորութիւնը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ: Ան ողջունեց Զարեհ Սինանեանին՝ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար նշանակելու վարչապետի որոշումը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ ան իր գործունէութեամբ էապէս պիտի կարենայ նպաստել Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման:
Հանդիպման ընթացքին Խանճեան վարչապետին ներկայացուց ընկերակցութեան գործունէութիւնը եւ յետագայ ծրագիրները: