Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը կը նախատեսուի իրականացնել Ուաշինկթընի մէջ, 20 Յունիսին: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Կը յայտնենք, որ 20 Յունիսին կը նախատեսուի Ուաշինկթընի մէջ, Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ իրականացնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հերթական հանդիպումը: Յունուարին, Փարիզի մէջ եւ Ապրիլին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներէն ետք քննարկումներ կ՛ընթանային արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ յաջորդ հանդիպումը երրորդ համանախագահ երկրին՝ միացեալ Նահանգներու մէջ իրականացնելու մասին: Այս անգամ եւս, մասնակցողներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ հանդիպման մասին յայտարարութեան նոյն ժամանակ տարածման շուրջ: Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ այս համաձայնութեան:
Նոյն ժամանակ, Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի շարունակական դատապարտելի խախտումները եւ սադրիչ գործողութիւնները, որոնք վերջին օրերուն պատճառ դարձան մարդկային անդառնալի կորուստներու եւ յանգեցուցին սահմանագիծին վրայ իրավիճակի լուրջ լարման, ձեւաւորած են հանդիպման ընդառաջ ոչ նպաստաւոր միջավայր:
Ատրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք կը բնութագրուին ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառումով, կը խոչընդոտեն խաղաղութեան համար բարենպաստ միջավայրի կայացման եւ ըստ այդմ կը խաթարեն խաղաղ կարգաւորման գործընթացի յառաջընթացին:
Ստեղծուած իրավիճակը կը պայմանաւորէ ուաշինկթընեան հանդիպման օրակարգի յստակ գերակայութիւններ», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ: