ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու գրասենեակի գործունէութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան-քննարկում՝ «Եկամտային հարկի դրոյքաչափերու նախատեսուող համահարթեցումը. խնդիրներ եւ այլընտրանքային լուծումներ» նիւթով:
Նախատեսուող փոփոխութիւնը կը հակասէ նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած ընկերային շուկայական տնտեսական կարգ ունենալու պահանջին եւ մտահոգիչ է ընկերային արդարութեան տեսանկիւնէն: Անիկա կը հակասէ նաեւ երկրին առջեւ ծառացած աղքատութիւնը յաղթահարելու, աշխատանքը խրախուսելու, արժանապատիւ վարձատրութեան համակարգ ներդրելու՝ կառավարութեան խոստումներուն: Ձեւաւորուած է նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան «Ահազանգ» երիտասարդական նախաձեռնութիւնը՝ ընդդէմ համահարթ եկամտահարկի: