ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Յիշողութեան պատկերներ. ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման նորագոյն տեխնոլոգիաներ» խորագիրով սեմինարին մասնակցելու նպատակով, 11 երկիրներէ Հայաստան եկած են մասնագէտներ՝ վերականգնողներ, թանգարաններու, արխիւներու, գրադարաններու, տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառի աշխատակիցներ:
Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէնի խորհրդական Սվետլանա Սահակեան յայտնեց, որ մասնակցողներուն համար սեմինարը փորձառութեան փոխանակման հրաշալի հարթակ է։ «Սեմինարն անցկացւում է 2011 թուականից, սակայն դրա նշանակալիութիւնը մեծացել է 2014 թուականից, երբ Մատենադարանը ԱՊՀ դաշտի համար դարձաւ բազային կազմակերպութիւն ձեռագիր ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման ոլորտում», յայտնեց Սահակեան:
Ան դիտել տուաւ, որ այս տարի սեմինարին մասնակցողներուն կարգին էին հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու եւ պետական գրադարաններու եւ արխիւատուներու ներկայացուցիչներ Ռուսիայէն, Լաթվիայէն, Ղազախստանէն, Վրաստանէն, Էսթոնիայի, Ուզպեքիստանէն, Տաճիկիստանէն եւ Ղըրղզիստանէն:
Սեմինարի ծիրին մէջ տեղի ունեցած վարպետութեան դասերուն ընթացքին վերականգնողները ներկայացուցին իրենց ձեռքբերումները, նորարարական մեթոտները եւ մօտեցումները, որոնք կ՛օգտագործուին գրաւոր հարստութեան պահպանման եւ վերականգնման համար: