ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ՀՅԴն տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած՝ Արցախի Հանրապետութեան ընտրութիւններուն մասնակցելու ձեւաչափին վերաբերեալ:
Ըստ անոր, ներկայիս քննարկումներ տեղի կ՛ունենան շր-ջաններուն, խումբերուն մէջ, բայց վերջնական որոշում չկայ տակաւին. որոշումը պիտի տր-ուի Յուլիսի սկիզբը՝ ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութեան համագումարին:
Նոյն ժամանակ, Արմէն Սարգսեան ըսաւ, թէ կան տրամադրութիւններ, որ ՀՅԴն հանդէս գայ իր թեկնածուով, թէեւ այս մասին եւս վերջնական բան չկայ։