ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ.- Արուեստագէտ Արա Օշականի «որսացած» լուսանկարները մաս պիտի կազմեն Լոս Անճելըսի արուեստի միութեան անդամակցող 8 արուեստագէտներու խմբային իւրայատուկ ցուցահանդէսին, որ կը կրէ «Յաւիտենականութեան շուքին տակ» խորագիրը։
Սանթա Մոնիքայի «Պրուըրի»ի թիւ 6 սրահին մէջ տեղի ունենալիք երկօրեայ ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ Շաբաթ, 6 եւ Կիրակի, 7 Յուլիսին, յաջորդաբար առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9 ու առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5։ Ծրագրուած են նաեւ հիւրասիրութիւններ. Շաբաթ, երեկոյեան ժամը 6-9, իսկ Կիրակի՝ կ.ե. ժամը 2-5։
Ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 660 South Avenue 21, Studio #6, Los Angeles, CA 90031։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել ara@araoshagan.com հասցէին։