ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 20 Յունիսին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Հըրպ Ալպըրթ» երաժշտանոցին եւ դոկտ. եւ տիկին Յովսէփ եւ Հիլտա Ֆիտանեաններու կազմակերպութեամբ, Ֆիտանեաններու բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ նշեալ համալսարանին մէջ գործող «Վէմ» համոյթին մտերմիկ ելոյթը։
Երաժշտանոցէն շրջանաւարտ ուսանողներու կազմած համոյթը ներկայացուց հայկական դասական եւ ժամանակակից յօրինումներ, իսկ երեկոյին ընթացքին ելոյթներ ունեցան համալսարանին հայկական երաժշտութեան բաժանմունքի վարիչ փրոֆ. Մովսէս Պօղոսեան, համալսարանին երաժշտական յօրինումներու դասախօս Իըն Քրուս եւ Քալիֆորնիոյ նախկին կառավարիչ Ճորճ Տէօքմէճեանի խորհրդական Հէլէն Հայկ։