
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ հանրապետականներու կազմակերպութեան հիմնադիր Արմէն Ս. Մարթին 8 Յուլիս թուակիր բաց նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միչ ՄըքՔանըլին՝ հայանպաստ քայլեր որդեգրելու կոչ ընելով անոր։
Յիշեցնելով անոր, որ Մէյն նահանգի հայութիւնը յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն կարեւոր ընտրանք մը ունի կատարելիք Ծերակոյտի ընտրութեան մասնակցող հայազգի Սարա Կիտընի եւ ներկայիս այդ պաշտօնին վրայ գտնուող հանրապետական Սուզըն Քալինզի միջեւ, Մարթին կը շեշտէ, որ յատկապէս 2020ի ընտրութիւններուն, երբ հանրապետականներուն մեծամասնութիւնը կրնայ վտանգուիլ, Ծերակոյտին ղեկավարութիւնը պէտք է լրջութեամբ մօտենայ հայութեան պահանջներուն։
Մարթին կը գրէ, թէ միայն նման մօտեցման մը շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ հայութեան մօտ իսկապէս յաջող ընտրապայքար տանիլ հանրապետական թեկնածուներուն ի նպաստ եւ կը յիշեցնէ, թէ մօտաւորապէս 30 տարիներ անցած են այն օրէն, երբ ծերակուտական Ռապըրթ Տոլի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ մը կը ջատագովէր, բան մը, որ հանրապետականներուն կողմէ անտեսուած է այդ օրերէն ետք։ Ան կը յիշեցնէ, թէ ներկայիս Ծերակոյտին ներկայացուած Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 150 բանաձեւը կ՛անտեսուի Ծերակոյտի հանրապետական մեծամասնութեան կողմէ, դժուարացնելով հայութեան աջակցութիւնը ապահովելու իր կազմակերպութեան ջանքերը։