ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական միութիւնը որոշած է Չորեքշաբթի, 10 Յուլիսի երեկոյեան, Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ ցոյց մը կազմակերպել, բողոքելու համար Ֆրանսա-Ատրպէյճան գործակցութեան դէմ, որ վերջերս հակահայ քայլերու առաջնորդած է:
Այս առթիւ, ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը յիշեցուի Արցախի քաղաքներուն հետ ֆրանսական քաղաքներու կնքած բարեկամութեան ուխտերը ջնջելու ֆրանսական արդարադատութեան որոշումները. անոր մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Ֆրանսա անգամ մը եւս կ՛ոտնակոխէ այն արժէքները, որոնք կոչուած են իրը ըլլալու: Սոյն ուխտերը, որոնք պէտք է խորհրդանշէին բարեկամութիւնը այդ քաղաքներուն միջեւ, ջնջուեցան տնտեսական եւ քաղաքական նկատառումներով, տեղի տալով ատրպէյճանցի մենատիրոջ պահանջներուն: Ո՞ւր մնացին մարդկային իրաւունքները եւ Ֆրանսայի ազատ իրաւարարի հանգամանքը:
Բայց կայ դեռ աւելին: Արդէն ծանօթ ենք Էմանուէլ Մաքրոնի Ֆրանսայի եւ մենատէր Ալիեւի Ատէրպայճանի միջեւ տնտեսական կապերուն: Ֆրանսա կ՛արտադրէ եւ Ատէրպայճանին կը մատակարարէ զէնքեր, զորս վերջինս կը գործածէ սպաննելու համար մեր եղբայրներն ու քոյրերը: Կեղծաւորութիւն է ասիկա:
Վե՛րջ՝ ֆրանսաատրպէյճանական քաղաքական-ռազմական համագործակցութեան: Վերյիշեցնենք ֆրանսական կառավարութեան՝ իր պատասխանատուութիւնները:
Վերյիշեցնենք անոր, որ մարդկային արժէքները որքա՜ն աւելի կարեւոր են, քան դրամը:
Վերյիշեցնենք անոր, որ վաճառած զէնքերը կը գործածուին մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն դէմ, որոնք կը պաշտպանեն մեր հողերը, ի գին իրենց կեանքին:
Պարո՛ն Մաքրոն, դադրեցուցէ՛ք ֆրանսահայ համայնքին հետ խաղալը: Դադրեցուցէ՛ք խաղալը կեանքին հետ Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք կը պաշտպանեն Արցախը»: