ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, 9 Յուլիսին սկսան Եւրոպայի ֆութպոլի դաշնակցութեան կազմակերպած Ախոյեաններու 2019-2020 տարեշրջանի մրցաշարքին մրցումները, երբ տեղի ունեցան զտումի Ա. հանգրուանի երթի կարգ մը ճակատումներ:
Հայաստանի ախոյեան «Արարատ-Արմէնիա»ն եւրոպական մրցաշարքերուն ծիրին մէջ իր առաջին մրցումը նշեց յաղթանակով, երբ պարտութեան մատնեց Շուէտի ախոյեան «Ա.Ի.Ք.» խումբը, 2-1 արդիւնքով (կիսախաղ 2-1):
Վարդան Մինասեանի մարզած հայկական կազմին երկու կօլերը նշանակեց Պետրոս Աւետիսեան (3րդ վայկրեանին՝ փենալթիով եւ 45րդ վայրկեանին):
Հիւր կազմին կօլը նշանակեց Չինետու Օպասի, 39րդ վայրկեանին:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 17 Յուլիսին, Շուէտի մէջ:
Նշենք, որ Աւանի ակադեմիոյ մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուն էր համակիրներով՝ նկատի ունենալով, որ տոմսերը սպառած էին մրցումին ազդանշանը տրուելէն ժամեր առաջ: