ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ամերիկեան պատկերասփիւռի աշխարհի յայտնի դէմքերէն Քիմ Քարտաշեան կը փափաքի ուշադրութիւն կեդրոնացնել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վրայ, կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ»ը։
Ըստ աղբիւրին՝ Քարտաշեան, որ միջոցէ մը ի վեր կը զբաղի դատական բարեփոխումներու հարցով, վերջերս նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի փեսային՝ Ճերըտ Քուշներին, որ նաեւ նախագահին խորհրդականներէն մէկն է։ Քարտաշեան կը խնդրէ, որ Քուշներ քննարկութեան նիւթ դարձնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցը։
«Ես կը փափաքիմ այդ հարցին ճանաչումը դարձնել իմ առաքելութիւնը։ Հայրս շատ պիտի հպարտանար», ըսաւ Քարտաշեան, նկատի ունենալով ամերիկահայ իրաւաբան Ռապըրթ Քարտաշեանը։
Քարտաշեան նաեւ հարցազրոյց մը տուաւ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ին, որ իր կարգին գրեց, թէ այս հարցով Քարտաշեանի հետ հեռաձայնով խօսած է հայկական արմատներով քոնկրեսական Ճեքի Սփիր։ Սփիր, հայազգի աստղին աջակցութիւնը ակնկալելով՝ ըսած է. «Եթէ դուն կրնաս ապահովել, որ նախագահը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, անիկա պիտի ըլլայ անկիւնադարձային եւ պիտի նպաստէ Քոնկրեսին մէջ եւս Ցեղասպանութեան բանաձեւեր վաւերացնելու ջանքերուն»։