ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի քաղաքապետարանը, Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ, այս տարի պիտի սկսի 90 շէնքերու տանիքներուն արեւային համակարգեր տեղադրելու ծրագիրը:
Երեւանի քաղաքապետարանի մամլոյ գրասենեակէն տեղեկացուցին, որ առաջին փուլի շէնքերը արդէն ընտրուած են. նախատեսուած են 50 շէնքեր:
«Արեւային յատուկ համակարգերից ստացուող էներգիան կ՛ուղղուի վերելակներին եւ շէնքերի միջյարկային եւ բակային լուսաւորութեան ապահովմանը: Ծրագրի շնորհիւ, ի դէպ, կը տեղադրուեն նոր, էներգախնայող «լեդ» լուսատուներ», կը յայտնէ Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի զարգացման եւ ներդրումային ծրագիրներու վարչութեան պետ Տիգրան Սարգսեան:
Դաւթաշէնի 2րդ թաղամասի հ. 10 շէնքը այն հասցէներէն է, ուր արդէն այս տարի բնակիչները ո՛չ միայն կը լսեն, այլ նաեւ կը տեսնեն արեւէն ստացուող ուժանիւթին օգուտը:
«Ծրագրի մասին գիտենք, անհամբեր սպասում ենք իրագործմանը», ըսին բնակիչները:
Ծրագիրին մէջ ընդգրկուած բոլոր շէնքերուն մէջ մէկ առ մէկ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ իրականացուած են՝ երկրաշարժի դէմ փորձէն մինչեւ բնակեցուածութեան ցուցանիշը, որ պէտք չէ 75-80 տոկոսէն ցած ըլլար:
Չափորոշիչներու համաձայն՝ ընտրուած շէնքերը հիմնականօրէն 9-14 յարկանի են, հարթ տանիքներով:
«Նախատեսւում է նաեւ շէնքերի՝ սոցիալապէս առաւել անապահով ընտանիքներին տրամադրել էներգախնայող լուսադիոդային լուսատուներ», յայտնեց Տիգրան Սարգսեան:
«Երեւան՝ արեւային համայնք» ծրագիրը քաղաքին համար ունի ուժանիւթի ապահովման, ընկերային եւ բնապահպանական նշանակութիւն: Նախագիծին շնորհիւ, էապէս պիտի նուազին ջերմոցային կազերու արտանետումները (տարեկան շուրջ 850 թոն CO2):
««Ծրագիրը կարեւոր է յատկապէս ածխաթթու կազերու արտանետումներու կրճատման առումով: Երեւանը անդամ է «Քաղաքապետներու դաշնագիր»ին, որ կը պարտաւորեցնէ քաղաքին մէջ մինչեւ 2020 20 տոկոսով կրճատել ածխաթթու կազերու արտանետումները», դիտել տուաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան համագործակցութեան բաժինի միջազգային համագործակցութեան պատասխանատու Անտրէա Պաճիոլի:
«ԵՄն Երեւանի համար. Արեւային համայնք» ծրագիրի համակարգող խորհուրդը արդէն քննարկած եւ հաստատած է ծրագիրի բուն մեկնարկին վերաբերող թեքնիք հարցերը: Անոնք բնակիչներուն պիտի ծառայեն գոնէ 25 տարի, այսպիսով քաղաքին մէջ այլընտրանքային ուժանիւթ պիտի գործածուի։
Ծրագիրի ամավարկին մէջ ալ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին, եւ խնայողութիւններու պարագային՝ կարելի պիտի ըլլայ ծրագիրին մէջ ընդգրկել նոր շէնքեր:
«Շատ կարեւոր նախագիծ ենք իրականացնում, որը, յոյսով եմ, որ կը դառնայ մշակոյթ մեր քաղաքում, ինչն էլ, ըստ էութեան, մեր հիմնական նպատակն է», դիտել տուաւ Երեւանի փոխքաղաքապետ Հայկ Սարգսեան:
Այժմ ծրագիրի իրականացման համար մրցոյթ յայտարարուած է: Նախատեսուած աշխատանքներուն համար մրցոյթներուն ծանօթանալ եւ մասնակցիլ կրնան շահագրգիռ բոլոր ընկերութիւնները: