ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 12 Յուլիսին, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները հանդիպում ունեցան Արցախի արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեանի հետ՝ մանրամասնօրէն քննարկելու համար առաջին ընթերցումով ընդունուած Արցախի Ընտրական օրէնսգիրքին եւ կուսակցութիւններու մասին օրէնքի նախագիծերը, որպէսզի բանաւոր ներկայացնեն խմբակցութեան առաջարկները եւ միտքեր փոխանակեն շարք մը այլ հարցերու վերաբերեալ:
«Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները Արարատ Դանիէլեանի հետ նաեւ միտքեր փոխանակեցին Ազգային ժողովի կազմը հաստատող եւ նախագահի պաշտօնին առաջադրուելու վերաբերող օրէնսդրական սահմանումներուն շուրջ:
Արցախի արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեան, ներկայացուած առաջարկներուն պատասխանելով ըսաւ, որ կը կիսէ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներուն մտահոգութիւնները՝ աւելցնելով, որ խմբակցութեան առաջարկներուն մէկ մասը պիտի ընդունուի, իսկ միւս մասին ընդունման համար պիտի կատարուի միջազգային փորձառութեան ուսումնասիրութիւն:
«Շատ ցաւալի է, որ խորհրդարանի միւս քաղաքական ուժերը մատների արանքով են նայում օրէնքի նախագծերին՝ հանդիպումներ չեն նախաձեռնում, առաջարկութիւններով հանդէս չեն գալիս», նշեց Դանիէլեան՝ մտահոգութիւն յայտնելով խորհրդարանին մէջ ներկայացուած այլ քաղաքական ուժերու կրաւորականութեան նկատմամբ։