ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) նախաձեռնութեամբ եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններուն աջակցութեամբ, Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անուան N2 հիմնական դպրոցին մէջ, 8 Յուլիսին ընթացք առած երկշաբաթեայ պատանեկան ճամբարը իր աշխատանքները կը շարունակէ։
«Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու Մայքըլ Գոլոգոսեան ըսաւ, որ ճամբարին կը մասնակցին շուրջ 240 պատանիներ:
«Ճամբարը ամէն օր սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան ժամը 10ին՝ Արցախի քայլերգով եւ կ՛աւարտի կէսօրէն ետք ժամը 4ին «Մշակ բանուոր» քայլերգով: Անիկա ունի յագեցած օրակարգ, որ հետաքրքրական եւ բովանդակալից կը դարձնէ արցախցի պատանիներու ամառնային առօրեան: Անոնց կարելիութիւն կը տրուի տարբեր դպրոցներու իրենց հասակակիցներուն հետ աւելի շատ յարաբերելու եւ նոր գաղափարներով կիսուելու: Այս ծիրին մէջ, կը կազմակերպուին ժամանցային զանազան խաղեր, պատանիները կը սորվին ազգագրական երգեր եւ պարեր, կը կատարուին ձեռային աշխատանքներ, կը բարելաւուի հայոց պատմութեան ու անգլերէնի իրենց իմացութիւնը եւ այլն: Ամերիկահայ եւ աւստրալահայ 19 խմբապետները կը փորձեն ուրախ եւ յիշարժան դարձնել ճամբարականներու առօրեան: Պատանիները բաժնուած են 3 խումբերու՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն, որոնց միջեւ տեղի կ՛ունենան զանազան մրցումներ-խաղեր: Այս ամիս նախատեսուած է նաեւ երկշաբաթեայ ճամբար մը կազմակերպել Ասկերանի մէջ: Մենք կարեւոր եւ անհրաժեշտ կը նկատենք պատանիներուն մօտ նման միջոցառումներու կազմակերպումը եւ վստահ ենք, որ անիկա պիտի ունենայ շարունակական բնոյթ», ըսաւ Մ. Գոլոգոսեան:
Ճամբարին մասնակցող Նարեկ Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն՝ իրենց առօրեան յագեցած եւ բովանդակալից դարձնելու համար: «Մեծ հաճոյքով ու ոգեւորուածութեամբ եմ յաճախում ճամբար: Այստեղ ձեռք եմ բերել նոր ընկերներ, բարելաւել ունեցածս գիտելիքները, սովորել ազգային երգեր ու պարեր: Նման ճամբարները մեզ՝ պատանիներիս ոգեւորում եւ նոր լիցք են հաղորդում, որպէսզի մեր ունեցած ներուժը կենտրոնացնենք հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման գործում: Կը ցանկանայի, որ ծրագիրը կրի շարունակական բնոյթ եւ իմ բոլոր հասակակիցներն էլ հնարաւորութիւն ունենային մասնակցելու նման տպաւորիչ ու հետաքրքրութիւններով լի ճամբարին», յայտնեց ան։