ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 15 Յուլիսին, Ստեփանակերտի Աշոտ Բեկորի անուան N2 դպրոցին մէջ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները մեկնարկեցին ՀՅԴ պատանեկան ճամբարի երկրորդ շաբաթը:
Պատանիները օրը սկսան Արցախի քայլերգով: Մարզական խաղերուն յաջորդեցին դասընթացքներ:
ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի երիտասարդականի պատասխանատուներէն, ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու Մայքըլ Գոլոգոսեան նշեց, որ ճամբարին կը մասնակցին 240 պատանիներ, որոնք կը սորվին ազգային երգ ու պարեր, ձեռագործ արուեստ, մարզական եւ ուսուցողական խաղեր, նաեւ Դաշնակցութեան պատմութեան մասին դասընթացքներու կը հետեւին։
«Ջերմ ու ընկերական յարաբերութիւններ հաստատուած են Արցախի եւ Ամերիկայի հայ պատանիներուն միջեւ. անոնք զիրար կը դիմաւորեն ծաղիկներով եւ խորհրդանշական նուէրներով: Մեր գլխաւոր նպատակը այն է, որ պատանիները ճանչնան զիրար, նոր գիտելիքներ ստանան, գնահատեն ազգային արժէքները եւ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը»: