ՀԱԼԷՊ.- Հինգշաբթի, 11 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6ին, ականուած ինքնաշարժի մը ահաւոր պայթումը ցնցեց Գամիշլիի բնակչութիւնը:
Կը փոխանցուի, թէ ա-կանուած ինքնաշարժ մը կանգ առած է ասորի ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց եւ վայրկեաններ անց ինքնաշարժը պայթեցած է:
Արձանագրուեցան 11 վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ:
Նշենք, որ նոյն թաղամասին մէջ կը գտնուին հայկական Ս. Յակոբ եկեղեցին, Ազգային առաջնորդարանը, Ազգային Միացեալ միջնակարգ վարժարանը եւ Գարակէօզեան հաստատութիւնը, որոնք նիւթական թեթեւ վնասներ կրեցին:
«Տուժածներուն մէջ հայեր չկան: Համայնքը հիմա զգուշութիւն կը ցուցաբերէ, յատկապէս Գամիշլիի պարագային, որ թրքական սահմանին մօտ է։ Նահանգին շուրջը կան զինեալ խմբաւորումներ: Շարք մը հայկական կառույցներ վնասուած են: Այսպիսի պայթում Գամշլիի խաղաղ, բնակելի թաղամասին մէջ, որ զինուորական ներկայութիւն չկայ, առաջին անգամն է որ կը պատահի, եւ բնակչութիւնը ցնցուած է: Այսօր ապահովութեան նկատառումներով՝ ազգային կեդրոնները փակ էին: Կիրակի օր նախատեսուած Գամշլիի Ազգային վարժարանի ամառնային դպրոցի հանդէսը նոյնպէս յետաձգուած է մէկ շաբաթով: Պայթումը պատահեցաւ այն ատեն, երբ ելեկտրականութիւնը անջատուած էր, հետեւաբար թաղամասի կառոյցներուն տեսախցիկները չեն նկարած ահաբեկչակական գործողութիւնը», պատմեց «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Չիլափոշեան-Պողիկեան։
Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան մօտէն կը հետեւի Գամիշլիի հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս տեղւոյն բնակչութեան կացութեան եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն:
Արդարեւ, սրբազան հայրը ու թեմի Ազգային վարչութիւնը կապ հաստատեցին Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի հետ, իրազեկ դառնալու տիրող իրավիճակին: Քահանան սրբազան հօր պարզեց իրավիճակը՝ յայտնելով, որ տեղւոյն ազգային կառոյցները նիւթական թեթեւ վնասներ կրած են, սակայն զոհեր չեն արձանագրուած:
Սրբազան հայրը, իր զօրակցութիւնը յայտնելով տեղւոյն քաղաքացիներուն՝ խաղաղութիւն մաղթեց շրջանին, թելադրելով զգուշութիւն ցուցաբերել: