Տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու արժանացաւ Մեսեչուսեցի Արհեստագիտութեան հիմնարկութեան (Massachusetts Institute of Technology-MIT) բարձրագոյն՝ «Հիմնարկութեան Փրոֆեսէօր»ի կոչման, կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»ը:
Աճէմօղլու MIT-ի մէջ կ՛աշխատի առաւել քան 25 տարի՝ ուսումնասիրելով բարդ տնտեսական հարցեր:
«Ասպարէզիս ամբողջ ժամանակաշրջանը անցուցած եմ MIT-ի մէջ, եւ շատ ուրախ եւ զգացուած եմ», ըսաւ Աճէմօղլու:
Մեսեչուսեցի Արհեստագիտութեան հիմնարկութեան MIT News թերթը կը տեղեկացնէ, որ Սեպտեմբեր 2019ին լոյս պիտի տեսնէ Տարօն Աճէմօղլուի հինգերորդ գիրքը, որուն համահեղինակն է Ճէյմզ Ռապինսըն: Գիրքը կը կոչուի «Նեղ Միջանցքը» եւ նուիրուած է մարդոց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու զարգացման եւ այն ճնշումներուն, որոնց անոնք կ՛ենթարկուին: