ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի (ABMDR) 20րդ տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 25 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ (1201 N. Vine St., Los Angeles CA 90038):
Այս տարուան ձեռնարկին, «Տեսլականի Մրցանակ»ով պիտի մեծարուին՝ Տիանա Յարութիւնեան, Մարք Կիրակոս, տոքթ. Քերոլայն Նաճարեան եւ Ստեփան ու Լինտա Վարդանեաններ։
«Կեանքի մը Իրագործում» մրցանակը պիտի շնորհուի Ճորճ Թիթիզեանին, իսկ «Տարուան Կամաւոր» մրցանակները պիտի ստանան Անեթ Փոսթիք, Արա Սիւտճեան եւ տոքթ. Միգանուշ Ստեփանեանս։
Նաեւ, «Տարուան Կազմակերպութիւնը» մրցանակը պիտի յանձնուի Լոս Անճելըսի քաղցկեղի ցանցին։
Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը պիտի ստանձնէ հիմնարկի երկարամեայ համակիրներէն եւ Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան նախկին նախագահ տոքթ. Վիգէն Սէֆիլեան: Պիտի ներկայացուի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ «Միսթըր Էքս»ի:
Մասնակցութեան սակը 150 տոլար է եւ կան հովանաւորութեան զանազան կարելիութիւններ։ 20ամեակին առիթով իրականանալիք մոմավառութեան յատուկ արարողութեան մասնակցութեան սակը 1000 տոլար է, ներառեալ ձեռնարկին մասնակցութեան եկու տոմսեր։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար՝ դիմել (818) 919-2686, (818) 231-9501, (626) 695-9899, (323) 663-3609 թիւերուն կամ info@abmdr.net հասցէին: