ՎԵՆԵՏԻԿ, «Արմէնփրէս».- Վենետիկի յանձնաժողովը բեղմնաւոր կը համարէ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ աշխատանքը, իսկ դատական բարեփոխումներուն վերաբերեալ կարծիք պիտի ներկայացնէ, երբ պատրաստ ըլլան Հայաստանի դատական օրէնսգրքի փոփոխութիւնները: Այս մասին կը նշուի յանձնաժողովի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ, մասնաւորապէս դատական բարեփոխումներուն վերաբերեալ, 2 Յուլիս 2019ին, Հայաստանի արդարադատութեան նախարարին եւ Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոյի հանդիպումէն ետք, նախարարը յայտարարեց, որ կ՛ակնկալէ յանձնաժողովին կարծիքը Դատական օրէնսգրքի փոփոխութիւններու նախագիծին վերաբերեալ, որոնք ներկայիս կը նախապատրաստուին Եւրոպայի խորհուրդին հետ խորհրդակցութիւններով», կը նշուի Վենետիկի յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ: