ԵԴԵՄ, Քալիֆորնիա.- Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մէջ գտնուող Եդեմ քաղաքի Ս. Աստուածածին Հայց. եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, 7 Յուլիսին, յատուկ Ս. պատարագ մը մատուցուեցաւ, տօնելով եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 108րդ տարեդարձը։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զաւէն քհնյ. Մարկոսեան մատուցանեց պատարագը, իր կողքին ունենալով Էլըն սրկ. Ճենտեան եւ Ռենտի սրկ. Տելլելեան։ Երգչախումբը առաջնորդեց Մերի Լուիս Մենենտեան, ընկերակցութեամբ երգեհոնահար երեցկին Ատրինէ Մարկոսեանի։
Արդէն իսկ 7րդ տարին ըլլալով, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը հանդիսացող Զաւէն քհնյ. Մարկոսեան իր ուրախութիւնը յայտնեց այս առիթով, նոյն ժամանակ շնորհաւորելով ծուխին անդամները։