ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աշխարհի ստեղծագործութենէն մինչեւ այսօր մարդկութեան կեանքի դժբախտագոյն երեւոյթը մահը համարուած է: Արարչագործութեան պատմութիւնը ներկայացնող գիրքին՝ Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքին մէջ յիշուած Աբէլի, իր եղբօր ձեռքով սպանութեան դէպքին առիթով, երբ իրենց ծնողներէն բացի այլ մարդ չկար այդ մահը լացող, գետնի հողը բողոքեց, երբ անմեղին արիւնը իր վրայ հոսեցաւ:
Մինչեւ այսօր մարդիկ չեն կրցած հաշտուիլ այս երեւոյթին՝ մահուան հետ եւ ամէն անգամ երբ իրենց հարազատներէն մէկը կամ միւսը կը կորսնցնեն, կը սկսին բողոքի արտայայտութիւններ ունենալու, երբեմն անորոշ հասցէներէ սկսելով, մինչեւ ամէնէն յստակ հասցէն, որ կրնայ մահուան բուն դրդապատճառը չըլլալ…:
Յանկարծական մահերը ընդհանրապէս ամէնէն ցնցիչը կ՛ըլլան սգաւորներուն համար, որովհետեւ անսպասելի կամ անակնկալ պատահարները, յատկապէս մահուան դէպքով աւարտող, բնականաբար մարդոց հոգին կ՛ահաբեկեն, կեանքի եւ մահուան միջեւ անոր միտքը կը տարուբերեն, սիրելիի կորուստի ցաւով կը պահեն ամբողջ էութիւնը, երբ բացուած վէրքի ցաւի դարմանումին դիմաց, անզօր կը համարեն անոնք իրենց անձը:
Դժբախտագոյն կը համարուին այն գերդաստանները կամ ընտանիքները, որոնք կարճ ժամանակի մէջ, իրարու ետեւէ մի քանի մահեր կ՛ունենան: Յատկապէս ընտանիքի ամէնէն սեղմ օղակին այնպէս կը թուի, որ մահուան մանգաղը իրենց տան դրան ետին կախուած է եւ շուտով դարձեալ պիտի բանեցուի: Հաւատքի, երկնային հաւատալիքներու, Սուրբ գիրքի եւ աստուածախօս պատուիրաններու ամբողջ համակարգը պահ մը կը վտանգուի անոնց ցուցաբերած մօտեցումներով եւ անհատական խիստ դիրքորոշումներով, որոնք վերոյիշեալ բոլոր հաւատալիքներուն դիմաց մեծ հարցականներ կը դնեն:
Մարդիկ իրարմէ կը տարբերին սակայն: Հաւատացեալ կամ անհաւատ ըլլալու խնդիր չկայ այստեղ: Ոմանք աւելի թեթեւ կ՛ընդունին դժբախտութիւնները եւ շուտով կը յաջողին ոտքի կանգնիլ իրենց կրած սուգէն, իսկ ուրիշներ շատ աւելի զգայուն ըլլալով, ծանր կը տանին դժբախտութիւնները, յատկապէս իրենց շրջապատին մէջ պատահած մահուան դէպք մը: Կրնանք նոյնիսկ աւելի մանրամասնել այս երկու տեսակի մարդոց նկարագրային բնորոշ գիծերը: Առաջինները երկու տեսակի վերածելով կրնանք ըսել, որ անոնց առաջին տեսակը երբեմն անգիտակից հաւատացեալն է, կամ «կոյր հաւատացեալ»ը, որ ամբողջութեամբ Աստուծոյ ապաւինած, Անոր կամքը օրհնեալ կը համարէ ու բնականօրէն կը հաշտուի կացութեան հետ: Առաջիններուն երկրորդ տեսակը գիտակից հաւատացեալն է, որ կրնայ ներքնապէս տառապիլ, սակայն արտաքնապէս իր խաղաղութիւնը չի՛ կորսնցներ, ո՛չ ալ անոր հոգեկան անդորրութիւնը կը խախտի, այլ հաւատքի վէմին վրայ ամուր կանգնած, երկնային մխիթարութիւնը կը վայելէ:
Երկրորդներուն՝ անհաւատներուն առաջին տեսակը դարձեալ անգիտակից անհաւատներն են, որոնք ընդհանրապէս որեւէ բանի չեն հաւատար, որոնց շարքին նաեւ մահուան: Ուրեմն, ասոնք մահուան երեւոյթն ալ այնքան թեթեւ կը տանին, որ հազիւ գերեզմանատունէն դուրս եկած, բնական կեանքին կը դառնան, նոյնիսկ սուգի համար սահմանուած ժամանակը ջնջելով: Երկրորդներուն երկրորդ տեսակը գիտակից անհաւատներն են, որոնք արդէն կը բախեն անտարբերութեան դռները: Ասոնց համար կեանքը ի՞նչ իմաստ կը ներկայացնէ, որ մահը մասնաւոր սարսափ ազդէ կեանք երեւոյթին: Փիլիսոփակայական իւրայատուկ մօտեցում մըն է այս, որ կեանքին ու յատկապէս մահուան կը նայի Ստոյիկական հայեացքով, նոյնիսկ չվախնալով այն անորոշութենէն, որ սեւ ամպի նման կը պատէ մարդկային միտքն ու հոգին, մահուան երեւոյթին դէմ յանդիման գալով:
Մահն ու լացը, կամ ողբն ու սուգը, ամէնէն տարածում գտած եւ ամէնէն յաճախադէպ երեւոյթներն են կեանքի: Ամէն օր թերթերու մէջ կը կարդանք մահ գուժող ազդեր, հաղորդակցութեան արագավազ միջոցներով կ՛իմանանք աշխարհի այս կամ այն անկիւնին մէջ մահացած մեր հարազատին, բարեկամին, ընկերոջ կամ ծանօթին մահուան մասին, լրատուութիւններու միջոցաւ կը լսենք պատերազմներու կամ բնական աղէտներու զոհ դարձած մարդոց մասին եւ կը տեսնենք զանոնք յուղարկաւորողներն ու անոնց յիշատակին կատարուած սգահանդէսները: Ուրեմն, ամէն օր այս երեւոյթը կայ աշխարհի մէջ:
Վերոյիշեալ մարդու տեսակները որ ներկայացուցինք, իրենց հաւատքին չափով կ՛ընդունէին մահուան երեւոյթը: Ոմանք երբեմն այնքան կը քաշքշեն սուգն ու տրտմութիւնը, որ կարծես իրենցմէ բացի ո՛չ ոք հարազատ կորսնցուցած է, կամ իր շրջապատին մէջ մահ ունեցած է: Հին ժամանակներու քառասուն օր քառասուն գիշեր արքունական սուգերը կը յիշեցնեն անոնք մեզի, երբ ամէն հանդիպելուդ դարձեալ կը տամկացնեն իրենց աչքերը, կը խօսին իրենց մեռելին մասին, կը գովաբանեն անոր անցեալի գործունէութիւնը եւ կը ստիպեն որ դուն ալ լաս ու ողբաս արդէն ողբացուած ու աղի արցունքի մէջ խոնաւցած իրենց մեռեալին վրայ: Այսքան յաճախականութիւն ունեցող երեւոյթ մը բարոյագիտութեան դասընթացքի օրինակ ծառայեցնելով, կրնանք լաւապէս ըմբռնելի դարձնել կեանքի այլ երեւոյթներ եւս:
Իրեն պատահած դժբախտ դէպք մը յարատեւ ողբի առիթ դարձուցած մարդիկ, նոյնիսկ կը շահագործեն դժբախտութիւնը, մուրացկանութեամբ դրամահաւաքի դիմելով եւ հարկ եղածէն ալ աւելի գումար դիզելով: Ասոնք երբ տեսնեն որ մայր գանձը կը սպառի, կը վերյիշեն «իրենց մեռելը» եւ դարձեալ կը սկսին ողբալ «անոր մահը», կեղծ արցունքներով ողողելով իրենց բարեկամական շրջապատը: Կը գտնուին երբեմն իմաստուն եւ գիտակից մարդիկ, որոնք կը հասկնան ասոնց թատերական արարները եւ չե՛ն խաբուիր ասոնց թափած կոկորդիլոսի արցունքներէն: Արդէն զզուած նախապէս եղած ողբ ու կոծերէն, գիտակից մարդիկ զգաստութեան կը հրաւիրեն վշտակիր մարդու դերասանական շնորհքով օժտուած սգաւորները, ըսելով անոնց.- Մահը մէկ անգամ, ողբը մէկ անգամ:
Մահը անկրկնելի է նոյն անձին համար: Մարդ մէկ անգամ կը մեռնի, ինչպէս մեր հայրենիքի քայլերգն ալ կը յիշեցնէ մեզի: Ուրեմն եթէ մահը մէկ անգամ է, ուրեմն ողբն ալ մէկ անգամ թող ըլլայ եւ վերջ գտնէ: Կեանքը աւելի քաղցր է քան՝ մահը: Ինչո՞ւ մահուան անդունդին յարել մեր հայեացքը եւ սուգի ու տրտմութեան հովիտը անընդհատ մեր արցունքներով ոռոգել, երբ անդին կայ կեանքի վառ հագած արշալոյսը՝ «հազար-հազար լուսապայծառ», ինչպէս կ՛ըսէ բանաստեղծը:
Կեանքի իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը իրեն համար բաւարար է, ըստ աւետարանին: Ուրեմն, իւրաքանչիւր «մահուան» համար մէկ անգամ «լալ»ը բաւարար պէտք է նկատենք եւ ո՛չ թէ մեր շրջապատն ալ մեզի հետ յոգնեցնենք մեր դժուարութիւններն ու նեղութիւնները անոնց պատմելով: Չմոռնանք, որ իւրաքանչիւր մարդ ալ ունի իրեն յատուկ դժուարութիւններն ու նեղութիւնները եւ պարտաւոր չէ՛ մեր տագնապները որդեգրելու եւ անոնցմով տառապելու կամ մխիթարիչի դեր ստանձնելու: Ինքնամխիթարութիւնը, բառին իսկական իմաստով, պսակազարդ առաքինութիւն մըն է, որ մարդուն կը սորվեցնէ դուրս գալ տագնապներէ: