ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, 24 Յուլիսին սկսաւ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի պաշտօնական այցելութիւնը Վրաստան:
Թիֆլիսի մէջ, Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցաւ Մնացականեանի հանդիպումը Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալկալիանիի հետ: Երկու նախարարները քննարկեցին Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները ամրապնդելու եղանակները:
Նախարարները փոխանակեցին իրենց մօտեցումները եւ տեսակէտները զանազան հարցերու շուրջ, որոնք կը վերաբերին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը տարածաշրջանի հակամարտութիւնները բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու, նաեւ այն ըմբռնումը, որ իւրաքանչիւր հակամարտութիւն ունի իր իւրայատկութիւնները եւ իր բանակցային շրջանակը, որուն մէջ տեղի կ՛ունենայ խաղաղ կարգաւորում: Նախարար Մնացականեանն այս մասին յայտնեց իր վրացի գործընկերոջ հետ հանդիպումէն ետք՝ հանդէս գալով մամլոյ յայտարարութեամբ:
«Ցաւօք, մենք դեռեւս տարածա-շրջանում ունենք չկարգաւորուած հակամարտութիւններ: Մենք վերահաստատեցինք մեր յանձնառութիւնը հակամարտութիւնների լուծմանը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, նաեւ այն ըմբռնումը, որ իւրաքանչիւր հակամարտութիւն ունի իր իւրայատկութիւնները եւ իր բանակցային շրջանակը, որի մէջ տեղի է ունենում խաղաղ կարգաւորում: Վերահաստատեցինք մեր մտադրութիւնը՝ ձեւաւորուած շրջանակներում եւ ձեւաւորուած բանակցային հարթակներում աջակցելու խաղաղ կարգաւորման գործընթացներին», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Մնացականեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է գործընկերոջ՝ նախարար Զալկալիանիին, եւ յայտնած, որ մէկ տարուան ընթացքին բազմաթիւ առիթներ ունեցած են իրար հետ հանդիպելու եւ քննարկելու օրակարգային բազմաթիւ հարցեր:
«Շփումների եւ անմիջապէս միմեանց հասանելի լինելու խնդիր երբեւէ չենք ունեցել, եւ շատ շնորհակալ եմ Դաւիթին այս աշխատելաոճի համար: Եւ այժմ տեղի է ունենում իմ պաշտօնական այցը Վրաստան, որը շատ լաւ առիթ է, որպէսզի մենք կարողանանք ամփոփ եւ համապարփակ ձեւով անդրադառնալ մեր երկկողմ օրակարգին:
Ցանկանում եմ ընդգծել մեր բաւարարուածութիւնը այն բաւականին բարձր դինամիկայի (շարժիչ ուժին-Խմբ.) առնչութեամբ, որն առկայ է մեր յարաբերութիւններում, շփումներում, մեր համագործակցութեան մէջ: Մեր վարչապետները շատ ակտիւ երկխօսութեան մէջ են միմեանց հետ: Մի քանի փոխայցելութիւններ են տեղի ունեցել: Մեր նախագահները շատ ակտիւ շփւում են միմեանց հետ: Մի քանի շաբաթ առաջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Վրաստան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը, որը բաւական բովանդակալից էր եւ ծաւալուն: Անդրադարձ է կատարուել բազմաթիւ հարցերի եւ ծրագրուել են բոլոր ոլորտներում համագործակցութեան աշխատանքները: Որպէս կառավարութիւններ՝ մենք նաեւ փորձում ենք խթանել բոլոր շփումները բիզնես ոլորտի, քաղհասարակութեան շրջանակներում», ընդգծեց Մնացականեան՝ շատ էական համարելով համագործակցութեան միջխորհրդարանական հարթակը:
«Մենք մեր կողմից փորձում ենք մեր ներդրումն ունենալ, արտաքին ոլորտի պատասխանատուների, արտաքին ոլորտի գերատեսչութիւնների մակարդակով ակտիւ (աշխոյժ-Խմբ.) պահել այդ երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը», ըսաւ ան՝ նշելով, որ կը սպասէ Դաւիթ Զալկալիանիի Հայաստան պատասխան այցին:
«Այս ամէնն իր ամբողջութեան մէջ արտայայտում է մեր մտադրութիւնների լրջութիւնը եւ պատասխնատուութիւնը՝ որպէս երկու հարեւան պետութիւն, երկու ժողովուրդ, որոնք բազմադարեայ պատմական արժէքային հիմքերի վրայ կառուցած յարաբերութիւններ ունեն, առաջ տանելու այս յարաբերութիւնները՝ ի շահ մեր ժողովուրդների, մեր երկրների, բայց նաեւ ամենակարեւորը՝ ի ամրապնդումը մեր տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ անվտանգութեան, որը մեզ համար շատ կարեւոր խնդիր է:
Մենք նաեւ փոխանակեցինք մեր մօտեցումները եւ տեսակէտները տարբեր հարցերի շուրջ, որոնք վերաբերում են տարածաշրջանային անվտանգութեանը: Վերահաստատեցինք մեր մտադրութիւնը՝ ձեւաւորուած շրջանակներում եւ ձեւաւորուած բանակցային հարթակներում աջակցելու խաղաղ կարգաւորման գործընթացներին:
Մենք ունենք շատ լաւ համագործակցութիւն միջազգային բազմաթիւ հարթակներում եւ եւս մէկ անգամ վերահաստատեցինք մեր մտադրութիւնը համատեղ աշխատանքով էլ աւելի խորացնել նման համագործակցութիւնը:
Մենք բաւական երկար խօսեցինք օրակարգային այլ հարցերի շուրջ եւ շարունակելու ենք քննարկումներն օրուայ ընթացքում: Արդէն տեսաք՝ որքան ժամանակ պահանջուեց արտայայտելու, թէ ինչ ենք քննարկել, որը կրկին ցոյց է տալիս, թէ որքան լայն է հարցերի շրջանակը, որը միաւորում է մեզ՝ Հայաստանին եւ Վրաստանին», եզրափակեց Մնացականեան: