ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան հարցերու նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող «Գաւառի մանկատուն» որբանոցին մատակարարուած է անորակ ուտելիք: Այս մասին կը տեղեկացնէ նախարարութեան մամլոյ բաժինը:
Նախարարութեան ներքին հաշուեքննիչ բաժինին իրականացուցած ստուգումներուն շնորհիւ պարզուած է, որ մանկատան եւ «Ֆոտոն» ընկերութեան միջեւ կնքուած ապրանքներու մատակարարման պայմանագիրին հիման վրայ, 23 Յուլիսին, «Գաւառի մանկատուն» որբանոցին կողմէ ներկայացուած դիմումով մատակարարուած ուտելիքներու տեսականին եղած է թերի եւ անորակ.
Պահանջուած 10 քիլոկրամ պղպեղը եւ 50 քիլոկրամ խնձորը բացակայած են, իսկ 40 քիլոկրամ միսը մատակարարուած է սառնարանային պայմաններ չունեցող փոխադրամիջոցով: Միսի արտաքին տեսքի զննութեամբ պարզուած է, որ անիկա ունի գոյնի փոփոխութիւն, անոր մէջ կան շագանակագոյն կտորներ, տհաճ հոտ, մկանները եւ ջիլերը մուգ դեղին էին:
Նկատի ունենալով ներկայացուած փաստերը, նախարարութիւնը, պայմանագիրին համաձայն, եռօրեայ ժամկէտ սահմանած է մատակարար «Ֆոտոն» ընկերութեան՝ ներկայացուած թերութիւնները վերացնելու ուղղութեամբ աշխատանքներ ձեռնարկելու համար: