ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- 24 Յուլիսին, Հալէպի արեւմտեան Ռաշիտին շրջանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկիչները դարձեալ ռմբակոծեցին Հալէպի քանի մը թաղամասերը։ Սպաննուեցան երեք քաղաքայիններ եւ վիրաւորուեցան 15 ուրիշներ: Զոհերուն մէջ էին մայր մը եւ իր մանուկը:
Սուրիական բանակը հակադարձելով ռմբակոծեց «Ճապհաթ Նուսրա»ի դիրքերը: