ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է 20 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք տարեկան իր ձեռնարկին ընթացքին «Տարուան Կինը» մրցանակը շնորհել Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisors) անդամ Քեթրին Պարկըրին, որ կը ներկայացնէ գաւառին 5րդ ընտրատարածքը։
«Վերահսկիչ Պարկըր Լոս Անճելըս գաւառի մեր համայնքին իրաւանց ջատագովը եղած է, տարբեր առիթներով փաստելով, թէ պատրաստ է աջակցելու համայնքին անմիջական եւ ապագայի կարիքներուն։ Իբրեւ Հայկական Սփիւռքի մեծագոյն համայնքին ներկայացուցիչը, ան արժանի է այս մրցանակին», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Հայութեան ի նպաստ անոր ամենայատկանշական քայլերէն մէկն է մէկ միլիոն տոլարի աջակցութեան ապահովումը Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան թանգարանին: Ան նաեւ ամէն տարի Ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» հռչակած է գաւառին մէջ, մեծարելով շարք մը հայ քաղաքացիներ եւ կազմակերպութիւններ: Ան նաեւ մօտէն գործակցած էր արուեստագէտներ Արա Օշականի եւ Լեւոն Բարեանի հետ, Լոս Անճելըսի «Կրենտ» զբօսայգիին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներուն նուիրուած ձեռնարկին իրագործումը ապահվելու համար։ Յիշեցնենք, որ ձեռնարկը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին։ Իբրեւ նախկին վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչի տեղակալը՝ ան նաեւ նպաստած էր աւելի մեծ թիւով հայեր պաշտօնի կանչելու ջանքերուն, որոնց օրինակներէն մէկն է Աննա Մուրատեանի նշանակումը՝ իբրեւ իր ներկայ գլխաւոր տեղակալը։ Պարկըր նաեւ նիւթական աջակցութիւն ապահոված է «Կրենտ» զբօսայգիին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի ծրագիրին համար եւ նպաստած է հայերու քուէարկութիւնը դիւրացնելու ջանքերուն, յատկապէս թարգմանական սպասարկութիւններու տրամադրումով։
Նշենք, որ Հայ Դատը նաեւ կը զօրակցի Պարկըրի յառաջիկայ ընտրապայքարին. գաւառին յաջորդ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մարտ 2020ին:
Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց, տեղեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան կարելիութեանց ծանօթանալու համար՝ այցելել https://ancawr.org/gala2019 կայքէջը, դիմել (818) 500-1918 թիւին կամ info@ancawr.org հասցէին: