
ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ ամերիկեան զինուորական պատուիրակութեան հետ քննարկած է Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ հաւանական թիրախներու դէմ զինուորական գործողութիւնը՝ աւելցնելով. «Մեր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին ամերիկեան պատուիրակութեան ներկայացուցինք մեր առաջարկները եւ անոնցմէ կը սպասենք զանոնք սերտել ու կարելի եղածին չափ շուտ պատասխանել»:
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ մօտ օրէն պիտի յայտարարուի Սուրիոյ մէջ սահմանադրական նախագիծի պատրաստութեան յանձնախումբի կազմութիւնը, նոյն ժամանակ սպառնալով. «Պէտք է շարունակենք մեր զինուորական գործողութիւնները այն շրջաններուն մէջ, ուր կը գործեն ահաբեկիչները», ակնարկելով Սուրիոյ քրտական ուժերուն՝ ըսաւ Չաւուշօղլու:
Ան կրկնեց, որ պէտք է Միացեալ Նահանգներուն հետ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «ապահով գօտի»ի մը շուրջ կարելի եղածին չափ շուտ համաձայնութիւնը գոյացնել՝ աւելցնելով. «Մեր համբերութիւնը սպառեցաւ»:
Չաւուշօղլու նաեւ շեշտեց. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիի շուրջ մեզի ներկայացուած ամերիկեան նոր առաջարկները այն մակարդակին վրայ չեն, որ կարենան Թուրքիոյ մտավախութիւնները փարատել»՝ աւելցնելով, որ Անգարայի համար կարեւորագոյն կէտը քրտական ղեկավարութեամբ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ կազմակերպութիւնը շրջանէն հեռացնելն է։
Այս շաբաթ Անգարայի մէջ Աքարի եւ Սուրիոյ հարցերու Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմզ Ճեֆրիի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած էր Սուրիոյ գծով:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւներուն համաձայն՝ երկու երկիրներու զինեալ ուժերը պիտի շարունակեն «ապահով գօտի»ին շուրջ քննարկումները:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Թուրքիա Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ մօտաւորապէս 80,000 զինուոր տեղակայելով՝ կը պատրաստուի զինուորական նոր գործողութեան մը Սուրիոյ մէջ: