ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, վարչապետարանին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին Մկր-տիչեան ներկայացուց ՀՄԸՄի աշխարհասփիւռ կառոյցը եւ գործունէութիւնը: Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր դրական տպաւորութիւնները ներկայացուց եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ ՀՄԸՄի գործունէութեան մասին:
Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին ՀՄԸՄ-Ֆրանս (Փարիզ) մեկուսի շրջանին իր կատարած նիւթաբարոյական ու տարիներու վրայ երկարող օժանդակութեան եւ ներդրումին համար:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհաւորական խօսքով անդրադարձաւ միութեան 100ամեակի տօնակատարութիւններուն՝ համագործակցութեան շարունակական պատրաստակամութեամբ: