ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեան մեղադրուեցաւ կեղծիք կատարելու յանցանքի յօդուածին հիման վրայ: Այս մասին կը յայտնէ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը:
Երեքշաբթի, 30 Յուլիսին, դատախազութիւնը որոշ չակերտներ բացած էր, թէ ինչո՛ւ քրէական գործ յարուցած է դատաւորի Գրիգորեանի նկատմամբ:
Ըստ դատախազութեան՝ Գրիգորեան այս պահուն չունի մեղադրեալի կարգավիճակ: Բայց դատաւորի լիազօրութիւնները կասեցուած են:
Դատախազութիւնը հաղորդեց, թէ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Գրիգորեան, չգտնուելով դատարանի շէնքին մէջ՝ նոյն օրը եւ նոյն ժամուն տեղի ունեցած դատական նիստերուն մասին թղթային կեղծ արձանագրութիւններ կազմած է: «Անցած տարուայ Սեպտեմբերի 14ին, իր բացակայութեան պայմաններում, Գրիգորեանը դատական նիստերի քարտուղարի օժանդակութեամբ կազմել, ստորագրել եւ դատական գործին է կցել իրականութեանը չհամապատասխանող՝ դատական նիստի թղթային արձանագրութիւն՝ իբրեւ այդ օրը ժամը 09.30-09.36ը դատական նիստ է անցկացրել ու ներառել ակնյայտ կեղծ տեղեկութիւններ, թէ դատական նիստին չեն ներկայացել պատշաճ ծանուցուած բողոքաբերը, նախաքննութեան մարմնի եւ դատախազութեան ներկայացուցիչները: Հէնց այդ հիմքով էլ դատական նիստը յետաձգել եւ նշանակել է մէկ այլ օր», գրուած է դատախազութեան յայտարարութեան մէջ: Դատաւորը, ըստ Գլխաւոր դատախազութեան, այնպէս փորձած է ցոյց տալ, որ իրեն մակագրուած բողոքի քննութիւնը սկսած է օրէնքով սահմանուած տասնօրեայ ժամկէտին մէջ:
Նախաքննութեան մարմինը կը պնդէ, որ նոյն օրը եւ նոյն ժամուն Գրիգորեան այլ նիստերու դահլիճի մը մէջ նիստերու քարտուղարին օժանդակութեամբ այլ դատական գործով դարձեալ կեղծ թուղթերու արձանագրութիւն կազմած է: Դատախազութեան պնդումով՝ «օրէնքով դատական նիստի թղթային արձանագրութիւն կարող է կազմուել բացառապէս դատարանում նիստերի ձայնագրման համակարգ չլինելու դէպքում: Ըստ իրաւապահների՝ որեւէ տուեալ ձեռք չի բերուել, որ այդ դահլիճներում ձայնագրման էլեկտրոնային համակարգերը խափանուած են եղել»:
Դատախազութիւնը կտրականապէս կը հերքէ, թէ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէ ազատած դատաւոր Գրիգորեանի նկատմամբ ուշադրութիւնը պայմանաւորուած է նախկին նախագահին գործով: