ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Երեքշաբթի, 30 Յուլիսին, խորհրդակցութիւն ունեցաւ՝ Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերու կազմակերպական աշխատանքներու ընթացքը քննելու նպատակով:
Խորհրդակցութեան ներկայ եղան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան, շրջանային վարչակազմերու ղեկավարներ եւ պաշտօնատար այլ անձեր: