ԲԱԳՐԱՏ ԷՍՏՈՒԳԵԱՆ
«Ասպարէզ»ը ցաւով կը ներկայացնէ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի սոյն գրութիւնը, որուն մէջ կը մատնանշուի Համահայկական ամառնային խաղերուն՝ պոլսահայութեան մասնակցութեան դէմ դրուած պետական խոչընդոտը: Մենք կը կիսենք յօդուածագիրին ընդվզումը:
Ի. դարու քաղաքական պայմանները անջատած էին Խորհրդային Հայաստանը եւ Թուրքիոյ հայութիւնը: Այդ անջատումը բաւական սուղ արժած էր Թուրքիոյ հայութեան մշակութային զարգացման վրայ: Տասնամեակներ շարունակ անտեղեակ մնացած էինք Հայաստանի արձանագրած գիտական, ճարտարապետական, գրական եւ գեղարուեստական նուաճումներէն: Հայաստանի անկախ հանրապետութեան յայտնութիւնով կարելի եղած էր գոյացած անջրպետը որոշ չափով վերացնել: Այդ վերածման գործին մէջ իր յատուկ բաժինը ունեցան Համահայկական ողիմպիական խաղերը: Ողիմպիական խաղերու խորհուրդը արդէն ծանօթ էր իսթանպուլահայերուն, քանի որ Մեսրոպ պատրիարքը միշտ իր միտքին մէջ ունէր Օգոստոս ամիսներուն ընթացքին կազմակերպել «Նաւասարդեան» խաղեր, որոնք անցեալին կարեւոր իրադարձութիւն եղած են հայոց պատմութեան մէջ: Թէեւ Մեսրոպ պատրիարքը չէր կրցած յաջողիլ Նաւասարդեան խաղերու գործադրութիւնը, բայց նորանկախ հանրապետութիւնը շատ աւելի մեծ, համազգային չափանիշով կ՛ընէր այն, ինչը ընել ուզած էր Մեսրոպ պատրիարքը:
Արդարեւ, անցնող տարիներուն ընթացքին միշտ ալ բարձր եղաւ պոլսահայոց ուշադրութիւնը այս կազմակերպութեան հանդէպ: Ամէն անգամուն ամենաբազմանդամ մասնակցութիւնը բերող քաղաքներէն մէկը կը հանդիսանար Իսթանպուլը: Խաղերու բացման աւանդական շքերթին պոլսահայերը հպարտօրէն կը բերէին իրենց ներկայութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան՝ յայտարարելով, թէ «հոս ենք, կը պահենք մեր կենսունակ գոյութիւնը եւ կը խոստանանք մեր բաժինը ունենալ հայաշխարհի ամբողջութեան մէջ»:
Այս տարի կրկին անգամ կը կազմակերպուին Համահայկական ողիմպիական խաղերը: Ափսոսանքով վերահասու կը դառնանք, թէ Պոլսոյ մարզակումբները հրաժարած են մասնակցելէ: Այս հրաժարումը կը բացատրուի խաղերու պաշտօնական բացումին Ղարաբաղի մէջ տեղի ունենալուն պատրուակով: Մեր խումբերը համարձակութիւն չեն ունեցած Ղարաբաղի մէջ կազմակերպուած նման միջոցառումի մը մասնակցելու: Այս դժկամութեան գլխաւոր ազդակը անշուշտ որ ատրպէյճանական սպառնացող դիւանագիտութիւնն է: Ատրպէյճանցիները միջոցէ մը ի վեր կը զբաղին Ղարաբաղ պաշտօնապէս այցելողները սեւ ցանկի վրայ նշելու եւ նոյնիսկ եթէ յաջողին, ցանկագրուածները «Ինթերփոլ»ի միջոցաւ բերման ենթարկելու: Անցեալին փորձած էին նման ընթացք մը գործադրել թուրքիացի խումբ մը մտաւորականներու դէմ, որոնք նկատի չէին ունեցած ատրպէյճանցիներու այս գերզգայնութիւնը: Ատրպէյճանցիք նոյնիսկ համարձակեցան Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջել իր քաղաքացիները ձերբակալելով Ատրպէյճանին յանձնելը: Բնականաբար, Թուրքիա առիթ չէր տուած նման գայթակղութեան մը: Սակայն այս բոլորը բաւարար եղած են, որ մեր մարզակումբները խրտչին նման հաւանականութեան մը դիմաց եւ այսպիսով ալ մերժեն Համահայկական խաղերուն մասնակցիլ: Սա ինքնին բաւական մտահոգիչ պատկեր մըն է աշխարհասփիւռ հայութեան համար, քանի կը տեսնենք, թէ Ատրպէյճան յաջողած է իր ակնկալած ճնշումը բանեցնել եւ ձեւով մը խոչընդոտել համազգային կազմակերպութիւն մը:
Տուեալ պայմաններու մէջ դժուար է նման որոշումի մը համար պոլսահայ մարզակումբները մեղադրել: Վերջապէս անոնք յստակօրէն կը տեսնեն, թէ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը ինչպիսի ենթարկուածութեան մը մատնուած է Ատրպէյճանի դիմաց: Պատահածը յաղթանակ մըն է Ատրպէյճանի չար կամքին համար եւ ամօթ մը մեր հաշուոյն, որ չենք կրցած դիմագրաւել այդ սպառնալիքը:
Թող բոլորը գիտնան թէ բաւական դժուար է ազգին արժանապատուութիւնը բարձր պահելու խնդիրը: Մանաւանդ հոն, ուր կը տիրէ քաղաքական եւ օրինական անկանոնութիւնը:
pakrates@yahoo.com