ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի «մանկամտութիւն» որակեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմետ Ճաւատ Զարիֆի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու ամերիկեան որոշումը, տարակուսանք յայտնելով։
Ան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգները մէկ կողմէ կը յայտարարէ, որ պատրաստ է բանակցելու Իրանի հետ առանց նախապայմաններու, իսկ միւս կողմէ, անհիմն պատժամիջոցներ կը սահմանէ Իրանի դիւանագիտութեան պետին հետ։
«Ակնյայտ է, որ Սպիտակ տունը սկսած է ցնցուելու մեր գիտակ դիւանագէտի խօսքերէն», աւելցուց Ռոհանի:
Իր կարգին, Զարիֆ ընդգծեց, որ պատժամիջոցները որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ իր վրայ, որովհետեւ որեւէ ունեցուածք չունի Իրանէն դուրս:
Զարիֆ նաեւ յայտնեց, որ եթէ Սէուտական Արաբիա պատրաստ է երկխօսութեան, «մենք միշտ պատրաստ ենք մեր դրացիներուն հետ երկխօսութեան»: