ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 2019 թուականի Յունուար-Մարտ ամիսներուն, 2018ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, Հայաստանի մէջ տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցութեան արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ արտադրութեան եւ ծառայութիւններու ծաւալը աւելցաւ 6 տոկոսով:
Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, ընթացիկ տարուան առաջին եռամսեակին ոլորտի ծաւալը, ընդհանուր առմամբ, կազմեց 69,157 միլիառ դրամ՝ նախորդ տարուան 65.67 միլիառ դրամի դիմաց:
Ոլորտին մէջ արտադրութիւնը, հաշուետու ժամանակաշրջանին աւելցաւ 10.6 տոկոսով, առեւտուրը՝ 8.2 տոկոսով, ծառայութիւնները՝ 5.4 տոկոսով: