Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը ելոյթով հանդէս եկաւ Աւստրալիոյ հայ համայնքին հետ հանդիպումին ընթացքին, 3 Օգոստոսին Աւստրալիա աշխատանքային այցելութեան վերջին օրը, երբ նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հասաւ Մելպուրն: Պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Ս. Մարիամ Աստուածածին Հայ առաքելական եկեղեցի, հանդիպում ունեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խաչեր քհնյ. Յարութիւնեանի եւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ: Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Մելպուրնի հայկական Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ Ագինեան դպրոցներ:
Նոյն օրը Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ արցախցի պաշտօնեաներու հանդիպում Մելպուրնի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ձեռնարկին ցուցադրուեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան հեղինակած՝ «Արցախ պատմութիւն եւ հակամարտութիւն» խորագիրը կրող տեսանիւթը:
Հանդիպումին ունեցած իրենց ելոյթներուն Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձան Արցախի արտաքին, անվտանգութեան, ներդրումային եւ ներքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերուն:
Բանախօսները շնորհակալութիւն յայտնեցին Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ բոլոր աջակիցներուն՝ արդիւնաւէտ եւ յաջողած այցելութեան կազմակերպման համար: