ԿՐԱՆԱՏԱ ՀԻԼԶ.- Կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 25 Յուլիսի երեկոյեան, շրջանի «Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան» Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանրային հաւաք մը, որուն նպատակն էր համայնքը ծանօթացնել Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 12րդ ընտրաշրջանի ընտրութեանց թեկնածուներ Ճան Լիի եւ Լորէյն Լանքուիսթի դիրքորշումներուն եւ ծրագիրներուն:
Շրջանի մօտաւորապէս 100 քաղաքացիներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած հաւաքին ընթացքին ներկաներուն փոխանցուեցան յատկապէս հայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու վերաբերեալ երկու թեկնածուներուն կեցուածքները։
Հաւաքին համակարգողն էր «Ասպարէզ» օրաթերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեւըն Պոյաճեան, որ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց թեկնածուներուն, որ առանց տատամսելու ընդունեցին հաւաքին մասնակցելու Հայ Դատի առաջարկը։
Քննարկուած նիւթերուն մէջ կային Երեւանի եւ Լոս Անճելըսի միջեւ կնքուած քոյր քաղաքներու համաձայնագիրի ծիրին մէջ յարաբերութեանց սերտացումը, ինչպէս նաեւ անտունիներու, ապահովական եւ բնակարանային շարք մը հարցեր։ Թեկնածուները առթիւ ունեցան ներկայացնելու իրենց կարծիքները եւ ապագայ ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները։
Երկու թեկնածուներն ալ խոստացան նեցուկ կանգնիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ վնասուց հատուցում ապահովելու ջանքերուն եւ նպաստել քաղաքին ու հայութեան միջեւ կապերու յաւելեալ սերտացման։ Լանքուիսթ նաեւ յայտնեց, որ համամիտ է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 2014ի որոշումին։
Նշենք, որ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 12րդ ընտրաշրջանի աթոռին համար յատուկ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 13 Օգոստոսին։ Հայ Դատը կոչ կ՛ընէ ընտրատարածքի հայութեան, որ մեծաթիւ մասնակցութիւն բերէ քուէարկութեան։
Երկու թեկնածուներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել
www.johnleecd12.com եւ
www.loraineforla.com կայքերը։