ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, 5 Օգոստոսին, Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ դիմաւորեց Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերուն առիթով Արցախ ժամանած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ Բակօ Սահակեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը։
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն փոխանցեցին, թէ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայկական երկու պետութիւններուն փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: