ՊԱՔՈՒ, «Թուրան».- Համահայկական խաղերուն բացումը կատարելու համար Արցախ կատարած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը խստօրէն քննադատուեցաւ Պաքուի կողմէ։ Միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծութեան կեդրոնի վարչութեան նախագահ Ֆարիտ Շաֆիեւ այս գծով յայտնեց, թէ տեղի ունեցածը «շարունակուող բռնարարքները օրինականացնելու հերթական ցուցադրական քայլն է»։
Ան ցաւ յայտնեց, որ ո՛չ Հայաստանի նախկին, ոչ ալ այժմու ղեկավարութիւնը տագնապէն դուրս գալու իրական ելք գտնելու մասին բաւարար ջանք թափած են։