ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Շիրակի մարզի Մարալիկ քաղաքին մէջ վերսկսաւ գործել բամբակամանուածքի գործարանը։ 13 միլիոն տոլար արժողութեամբ ներդրումային ծրագիրը կ՛իրականացնէ «Արթիկի ՓՀԿ» ընկերութիւնը, որ ցարդ կատարած է 4 միլիոն տոլարի ներդրում։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին աւարտին հասնի նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ արտօնութիւն ստացած ներդրումային ծրագիրը։
Առաջին փուլով նախատեսուած է ունենալ մինչեւ 120 աշխատակից, ներկայիս ընկերութիւնը ունի 41 վերապատրաստուած աշխատակից, առկայ են թափուր աշխատատեղեր։ Առաջին փուլով ամսական պիտի օգտագործուի 380 թոն թել, որ պիտի ծառայէ հիւսուածեղէնի արտադրութեան։ Սպառման հիմնական շուկաներն են Հայաստան եւ Ռուսիա։
Գործարանի բացման համար արդէն ներդրուած է աւելի քան 4 միլիոն տոլար: Հայաստանի կառավարութիւնը մինչեւ 13 միլիոն տոլարի ներդրման արտօնութիւն տրամադրած է։ Գործարանը 297 հազար դրամ միջին աշխատավարձով աշխատատեղեր պիտի ապահովէ 150 մարդու համար։
Բացման արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան, որ շրջեցաւ գործարանին մէջ, ծանօթացաւ արտադրական գործընթացին եւ հզօրութիւններուն, աշխատանքի պայմաններուն եւ կարելիութիւններուն։
Արտադրական գործընթացը վարչապետին ներկայացնելու ատեն գործարանի ղեկավարներ Գէորգ Գասպարեան եւ Վարդան Սրմաքեշ նշեցին, որ Մարալիկի բամպակի գործարանը պիտի արտադրէ բամպակեայ, կիսաբամպակեայ թելեր, պիտի գործէ կտորներու թափոններու վերամշակման հոսքագիծ՝ նորագոյն արհեստագիտութեամբ։ Արդէն այսօր գործարանի արտադրութիւնը կ՛օգտագործուի բամպակեայ պարաններու, ձեռնոցներու, գուլպաներու եւ սրբիչներու արտադրութեան մէջ։
Կը նախատեսուի նաեւ գործարկել բժշկական բամպակեայ իրերու արտադրութիւն։