ԱԹԷՆՔ.- 4էն 14 Յուլիսի ընթացքին, Յունաստանի Էկիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ պարախումբերու Համաշխարհային 15րդ փառատօնը, նախաձեռնութեամբ Էկիոնի «Իոնէս» Մշակութային միութեան: Փառատօնին մասնակցեցան պարախումբեր 10 երկիրներէ:
Փառատօնին հրաւիրուած էին մասնակցելու Համազգայինի պարախումբերը:
Այսպէս, «Նայիրի» պարախումբը՝ պարուսուցութեամբ Էտկար Էկեանի եւ «Նանօր» պարախումբը՝ պարուսուցութեամբ Աննա Պօղոսեանի ելոյթներ ունեցան Շաբաթ, 13 Յուլիսին:
Կէս ժամ տեւած իրենց յայտագիրին մէջ, Համազգայինի պարախումբերը ներկայացուցին «Կարմիր նուր», «Զուռնի դրինկի», «Արտաշատ», «Դաւիթ Բէկ», «Գերծի բաբուրի», «Ծաղկաձոր» եւ այլ պարեր:
Առաւել քան 2000 հանդիսատեսներու առջեւ ներկայացուած պարերը աննախընթաց խանդավառութիւն ստեղծեցին:
(ԹՂԹԱԿԻՑ)