ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն համատեղ որոշումով Սուրիա ուղարկուեցաւ Ռուս-հայկական մարդասիրական արձագանգման կեդրոնին կողմէ տրամադրուած մարդասիրական օգնութիւնը:
Փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ օգնութիւնը ուղարկուած է մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի միջոցներով:
Մարդասիրական օգնութիւնը նախատեսուած է Սուրիոյ՝ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին վնաս կրած բնակչութեան համար:
Նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան 9 բեռնատարներու մէջ բեռցուած մարդասիրական օգնութիւնը ճանապարհած է դէպի Սուրիա:
Անիկա կը պարունակէ միսի պահածոյ (52.5 թոն), ձուկի պահածոյ (35 թոն), շաքար (40 թոն) եւ չոր օրապահիկ (14.5 թոն):
Հայկական եւ ռուսական կողմերու ներկայացուցիչները մարդասիրական օգնութիւնը պիտի յանձնեն Սուրիոյ Կարմիր մահիկի ներկայացուցչութեան, որուն միջոցով պիտի իրականացուի յետագայ բաշխումը: