«Պատերազմի Թէժ Օրերուն Ստիպուեցանք Եկեղեցւոյ Մէջ Պահուըտիլ»
Վարեց՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ երկար տարիներ Քեսապի, ապա Հալէպի մէջ հովուական ծառայութիւն մատուցած եւ ներկայիս Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ.- Դուք եկած էք Միջին Արեւելքէն, ուր ժողովուրդը կապուած է եկեղեցւոյ, այլ խօսքով՝ կ՛ապրի նաեւ եկեղեցիով… Իսկ հիմա, բոլորովին այլ միջավայրի մը մէջ կը ծառայէք, ի՞նչ է տարբերութիւնը, ըստ ձեզի, այս երկու փորձառութիւններուն:
ՎԵՐ. ՍԵՐՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Երբ կ՛ըսէք Միջին Արեւելք, պէտք է յիշեցնեմ, որ ես կու գամ Քեսապէն, այսինքն իմ քրիստոնէական, ազգային առաջին հիմնական կրթութիւնս կը պարտիմ Քեսապին:
Քեսապի միջավայրը ունի իր իւրայատկութիւնը: Ես համալսարանական ուսումս ստացայ Լաթաքիոյ մէջ, Աստուածաբանական ճեմարանէն մագիստրոսի աստիճանին տիրացայ Լիբանանի մէջ: Ապա անցայ ծառայութեան, որ սկսաւ Քեսապով, որմէ ետք, 1997ին տեղափոխուեցայ Հալէպ՝ իբրեւ Էմանուէլ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: Քեսապի եւ Հալէպի միջեւ կային տարբերութիւններ: Մինչ Քեսապը Կիլիկիոյ յատուկ կառուցուածքով եւ երանգներով էր, անդին Հալէպը բոլորովին այլ. հարուստ մշակոյթով, միջհամայնքային եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու հարստութեամբ, բոլորովին այլ երանգներ ունեցող քաղաք էր: Տարբեր խանդ մը, տարբեր եռանդ մը կար Հալէպի մէջ, ուր մնացի մինչեւ 2016ի սկիզբը: Անկէ ետք երկու տարի ծառայութիւն մատուցեցի Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, ուր երբ հասայ, արդէն Գանատայի պետութիւնը իր դռները լայն բացած էր՝ ընդունելու համար սուրիահայերը: Տեղին է նշել, որ Աստուածային նախախնամութիւնն էր, որ հոն հասնէի եւ հալէպահայերը ընդունելու գործը ստանձնէի: Այսպիսով, Հալէպէն առաւել քան 500 հայ ընտանիքներ դիմաւորեցինք եւ շատ մօտ գործակցութիւն ունեցանք Հայ առաքելական եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն հետ, եւ շատ դրական միջավայրի մը մէջ գործեցինք: Հալէպէն եկող իւրաքանչիւր ընտանիքի ուղղութիւն կու տայինք եւ կը փորձէինք ամէն կերպով անոնց օժանդակել: Կրնամ ըսել Գանատան ինքնին իւրայատուկ պատկեր էր, իւրայատուկ գաղութ մը, ուր կը տեսնես պոլսահայեր, եգիպտահայեր, սուրիահայեր, լիբանանահայեր եւ հայաստանցիներ, որոնցմէ ամէն մէկը իր հետ բերած է սովորութիւններ, բարքեր, տարբեր մշակոյթ, մտածելակերպ եւ այս բոլորը մէկ համադրել, ըսել է Աստուածային իմաստութեան վստահիլ: Այդ ծառայութենէն ետք ալ, հիմա Ամերիկա կը գտնուիմ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ.- Մեծ թիւով սուրիահայեր Գանատա հասան. ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց ճակատագիրը:
ՎԵՐ. ՍԵՐՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Անկեղծ ըսած՝ ապագան Աստուծոյ ձեռքն է, մենք չենք գիտեր, թէ ինչպիսի՛ ապագայ կը սպասէ մեզի… սակայն իմ համոզումով՝ աշխարհի մէջ ո՛ւր ալ երթաս, ի՛նչ ալ ընես, հայութիւնը կը պահուի միայն իր հողին վրայ…:
Օրինակի համար, Սուրիոյ մէջ, Ազէզի մէջ դպրոց, եկեղեցի, ծառայութիւն ունեցած ենք, այսօր չունինք: Երկար տարիները վերջաւորութիւն ունին, եւ հողն է բացարձակ ճշմարտութիւնը. հողն է, որ հայը հայ կը պահէ, եթէ հողը գնաց, սերունդները կամաց-կամաց կ՛անհետանան: Ճիշդ է, որ դէպի Գանատա սուրիահայերու հոսքը նոր աւիւն մը տուաւ գաղութին, սակայն իմ կարծիքով՝ այդ բոլորը ժամանակաւոր են:
Միացեալ Նահանգներու պարագային, լրիւ ուրիշ պատկեր կայ, որովհետեւ հոն զանազան մշակոյթներ կան, մեծ թիւով՝ Հայաստանէն, Պարսկաստանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, աւելի վաղ՝ Եգիպտոսէն, Պոլիսէն հայեր կան, վերջը ո՞ւր է… պատասխանը ես ալ չեմ գիտեր: Այս բոլորին մէջ միակ աղօթքս, միակ տեսիլքս եւ ի գործ դրած ծառայութեանս ուղղութիւնը մէկն է՝ ինչպէս կրնանք մէկ օր աւելի քրիստոնէական, հայապահպանման, հայութեան ծառայութեան մարզին մէջ ապրիլ, եւ հիմնական շեշտը դնել ընտանիքին վրայ, որովհետեւ ես համոզուած եմ, եթէ ընտանիքը հայ չմնայ, կը կորսուի… ի վերջոյ այս գաղութները ձուլուող կաթսայի կը նմանին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ.- Ներկայիս ո՞ւր կը ծառայէք եւ ի՞նչ է ձեր պաշտօնը:
ՎԵՐ. ՍԵՐՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Ներկայիս Միացեալ Նահանգներ կը գտնուիմ: Ամերիկայի մէջ ունեցայ երկու ծառայութիւններ. առաջինը՝ իբրեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ընդհանուր ծրագիրներու համադրող. այցելեցի եկեղեցիներ եւ տարբեր առաքելութիւններով հանդիպումներ կատարեցի: Ըսեմ նաեւ, որ Ամերիկայի Արեւմտեան ափին մէջ ունինք ամսական դրութեամբ հովուական ժողով մը, երբ ամէն ամիս հովիւներ կը հաւաքուին եւ կը խորհրդակցին, թէ մեր եկեղեցական կեանքը ի՛նչ ուղղութեան մէջ է, ի՛նչ ընթացքի մէջ է: Այս միութեան հովուապետը վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանն է, որուն հետ շատ դրական համագործակցութիւն ունեցայ: Իսկ հիմա ստանձնած եմ Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պարտականութիւնը: Այս եկեղեցին հարիւր տարուան պատմութիւն ունի, Փասատինայի մէջ առաջին հայ եկեղեցին է, որ այս տարի պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 97րդ տարեդարձը: Իսկ ինչո՞ւ Հայ Կիլիկիա, պիտի հարցնէք: Իսկութեան մէջ ես ալ զարմացայ: Որովհետեւ այդ շրջանի մեր հաւատացեալները եւ եկեղեցւոյ հետեւորդները, բոլորն ալ Կիլիկիայէն եկող հայեր են: Անոնք հիմնադրած են այդ եկեղեցին եւ շատ ուզած են, որ Կիլիկիա բառը մնայ, յիշուի՝ իբրեւ իրենց պապերէն մնացած ժառանգութիւն մը: Մէկ տարի եղաւ արդէն այստեղ եմ, հոգեւոր հովիւն եմ այս եկեղեցւոյ եւ իմ ծառայութիւնը կը մատուցեմ Փասատինայի հայ գաղութին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ.- Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին ձեր ապրած դժուար օրերը զանազան առումներով դարձան մեծ փորձառութիւն: Այդ դէպքերէն տարիներ անց՝ այսօր, ինչ բառերով կը բնութագրէք Հալէպի մէջ ձեր անցուցած օրերը:
ՎԵՐ. ՍԵՐՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Իսկութեան մէջ, Հալէպը հարուածող պատերազմի օրերուն, ես երկու տարի շրջապատուած մնացած եմ Էմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցւոյ վայրը դարձաւ հատման գիծ եւ մեզմէ 300 մեթր հեռաւորութեան վրայ տեղակայուած էր «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը… Քանի անգամներ փորձեցին եկեղեցին հարուածել, ազդարարեցին, նամակներ ղրկեցին, եւ ես ստիպուած եղայ երեք շաբաթով շէնքէն դուրս չգալ: Եկեղեցւոյ մէջ կ՛անցընէինք մեր օրերը, ստիպուած էինք զգոյշ ըլլալ, որովհետեւ չէինք գիտեր, թէ դուրսը ինչ կը կատարուի: Անշուշտ կը հաւատամ, որ աստուածային հրաշագործութեան շնորհիւ էր, որ ես ու ընտանիքիս անդամները ողջ մնացինք… Այդ ծանր պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդի կարիքներուն հասանք, Էմանուէլ եկեղեցւոյ յանձնախումբով մեր ծառայութիւնը մատուցեցինք, մեր ժողովուրդի ամէնօրեայ հացը ապահովեցինք: Յետոյ ահաբեկիչները փորձեցին եկեղեցին հարուածել, քանի անգամ ընտանիքով՝ կինս եւ զաւակներս, միջանցքին մէջ քնացանք, որովհետեւ եկեղեցւոյ չորս կողմը ռումբեր կը տեղային, եկեղեցին վնասուեցաւ, սակայն փառք Աստուծոյ մնացինք անվտանգ եւ ապահով:
Այս բոլորէն անցնելէ ետք, այսօրուան պատգամս այն է, որ զԱստուած եւ կեանքը լուրջի առնէք, որովհետեւ իսկապէս եթէ կ՛ապրինք, կ՛ապրինք Բարձրեալին շնորհքով: Այսօր համոզուած եմ, որ եթէ կարելիութիւնը ունիմ կարօտեալի մը, դժուար վիճակի մէջ գտնուողի մը բաժակ մը ջուր տալ, այդ պէտք է ընեմ, որովհետեւ վաղը չեմ գիտեր, թէ այդ մէկը կրնամ ընել թէ ոչ…: Վերջապէս, փորձեմ մոմ մը վառել եւ շուրջս լուսաւորել եւ այդ մոմ վառելը վարակիչ դարձնել: Փորձենք լուսաւորել թաղը եւ եթէ թաղն ալ իր հերթին վարակէ ու միւսները լուսաւորէ, այն ատեն կամաց-կամաց ամբողջ քաղաքը կը լուսաւորուի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ.- Հաւանաբար եղան ձեզ քննադատողներ՝ ըսելով, որ Հալէպը ձգեցիք, հեռացաք. կը լսէ՞ք այդպիսի խօսքեր, ի՞նչ կ՛ըսէք այդ մարդոց:
ՎԵՐ. ՍԵՐՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Հիմնական ուղղութիւնը անձի մը ապրելակերպին մէջ իր ունեցած հաւատքը եւ խիղճն է, հաւատք՝ առ Աստուած եւ անշուշտ գործնական ծառայութիւն՝ մարդ արարածին եւ խիղճդ՝ առ Աստուած եւ խիղճդ՝ առ մարդ արարած:
Երբ Հալէպի պատերազմը սկսաւ, ես ընտանիքով Հայաստան էի եւ ինծի Հալէպէն ընտանիքներ սկսան ըսելու. «Պատուելի, մի՛ գար, շատ ծանր է վիճակը»: Հայաստանի մեր հայրենակիցներն ալ նոյնը ըսին. «Պատուելի, մի՛ երթաք, մի՛ վերադառնաք»: Ես տիկնոջս եւ զաւակներուս առանձին առանձին հարցուցի, թէ ի՛նչ կը մտածեն, եւ երեքն ալ նոյն բանը ըսին. «Դուն ո՛ւր որ ուզես ըլլալ, հոն կ՛ըլլանք, կարեւորը միասին ըլլանք, նոյնիսկ եթէ Հալէպ ըլլաս, եթէ պատերազմի իսկապէս լուրջ վտանգ կայ, պիտի ուզենք կա՛մ միասին մեռնիլ, կա՛մ միասին ապրիլ… Ու որոշեցինք միասին Հալէպ վերադառնալ: Հալէպի օդակայանէն մինչեւ Էմանուէլ եկեղեցի մէկէ աւելի փորձանքէ անցանք եւ կրնամ ըսել, որ հրաշագործութեամբ փրկուեցանք: Այդ մէկը Օգոստոս 2012ին էր, եւ մնացինք Հալէպ, շարունակեցինք մեր ծառայութիւնը մինչեւ Դեկտեմբեր 2015, այսինքն մինչեւ Էմանուէլ եկեղեցւոյ հետ ծառայութեան համաձայնութեանս ժամկէտի աւարտը: Մինչեւ վերջին օրը հաւատարիմ մնացի եւ միայն Աստուած գիտէ, ու մեր համայնքի անդամները կը վկայեն, թէ ինչպիսի՛ ծառայութիւն մատուցինք: Հետեւաբար, եթէ ըլլան մարդիկ, որ ըսեն, թէ ինչո՛ւ Հալէպէն հեռացար, տեղին է ըսել, որ ոչ թէ 100, այլ 500 տոկոս լաւագոյն ծառայութիւն մատուցեցի եւ միշտ Տէր Յիսուս Քրիստոսի պատուէրով, երբ աջ ձեռքդ կու տայ, ձախը թող չիմանայ. այդ սկզբունքով ծառայութիւն ըրի եւ խիղճս հանգիստ է: Նոյն ձեւով ալ կը շարունակեմ ծառայել, փառք ու պատիւ չեմ ուզեր…
Ուզածս ճիշդ ու ազնիւ ծառայութիւնն է, ուրիշ ոչինչ: