ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Սպայկա» ընկերութեան՝ պետութեան պատճառած վնասին չափը, նախնական տուեալներով, կը կազմէ շուրջ 10 միլիառ դրամ, որմէ պետական պիւտճէին տրուած է 1 միլիառ դրամ։
13 Օգոստոսին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այդ մասին յայտնեց Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Յովհաննիսեան:
Ան տեղեկացուց, որ դատ բացուած է, եւ նախաքննութիւն կը կատարուի, որպէսզի ճշդուի ընկերութեան պատճառած վնասին ամբողջական պատկերը։