ՀՈՆԿ ՔՈՆԿ.- Երեքշաբթի, 13 Օգոստոսին, երկրորդ օրը ըլլալով, Հոնկ Քոնկի օդակայանը անդամալուծուած է հակակառավարական ցոյցերուն պատճառով:
Անցեալ Ուրբաթ օրուընէ ի վեր, օդակայանը թատերաբեմ դարձած էր կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցերու: Օդակայանին շուրջը տեղի ունեցան բախումներ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ: Կացութիւնը առաւել եւս լարուեցաւ, երբ ցուցարարները տեղեկացան, թէ Չինաստանի իշխանութիւնները զիրենք պատժելու նախապատրաստական քայլերու նախաձեռնած են:
Ոստիկանական զսպիչ ուժերը արդէն դիրքեր գրաւած են օդակայանի մուտքին:
Նշենք, որ բողոքի ցոյցերը Հոնկ Քոնկի մէջ սկիզբ առին՝ իբրեւ հակազդեցութիւն քաղաքային իշխանութեանց՝ բանտարկեալները Չինաստան փոխադրելու մտադրութեան:
Ցոյցերը շուտով վերածուեցան աւելի լայն ժողովրդավարական իրաւունքներ պահանջող շարժումի: