ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի 15 Օգոստոսին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ հանդիպում մը ունեցաւ՝ արծարծելու համար Լիբանան-Իսրայէլ սահմանը վերջնականապէս ճշդելու կարելիութիւնները, Ամերիկայի սահմանած պատժամիոցներու ապագան եւ այլ օրակարգային հարցեր։ Ծովային Սահմանի հարցը խոր վէճեր յառաջացուցած էր, երբ ծովուն յատակը յայտնաբերուեցաւ բնական կազ եւ քարիւղ։ Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վարչապետ Հարիրի յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ հարցը մինչեւ Սեպտեմբեր կը լուծուի երկխօսութեան ճանապարհով եւ ծովային սահմանի վերջնական յստակացումով։ Լիբանան Իսրայէլի հետ պատերազմի մէջ է վերջինիս իսկ ստեղծման օրէն՝ 1948ին, եւ երկու պետութիւնները բաժնող սահմանները տակաւին ճշդուած չեն։ Իր կարգին, նախարար Փոմփէօ դրուատեց Լիբանանի պատրաստակամութիւնը եւ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է հովանաւորելու բանակցութիւնները։