Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան եւ իր կուսակիցը Էպրու Կիւնայ կը շարունակեն հանդիպումներ ունենալ Լատին Ամերիկեան երկիրներու մէջ։
Ուրուկուէյի մէջ այցելութիւններու ծիրին մէջ, Կարօ Փայլան եւ իր կուսակիցը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցան երկրի նախկին նախագահներէն Խոզէ Մուխիքայի հետ, որուն համեստ տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման աւարտին, Փայլան գրառում մը ըրաւ «Թվիթթըր»ի իր էջին վրայ. «Մենք այցելեցինք երկրի նախկին նախագահին այն համեստ տունը, ուր ան կ՛ապրէր նաեւ նախագահութեան օրերուն։ Համեստ նախագահ մը՝ իր համեստ տան մէջ։ Ես մտաբերեցի մեր հախագահը, որ կ՛ապրի հարիւրաւոր սենեակներ ունեցող շքեղ ապարանքի մը մէջ. անկեղծօրէն՝ ամչցայ…»։