ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային 23րդ համագումարին (The World Congress on Information Technology (WCIT)) Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի մասնակցութիւնը ապահովելու համար, անոր գրասենեակին հետ բանակցութիւններ կը կատարուին։ Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կը տեղեկացնէ համաժողովի կազմակերպիչը՝ Ալեքսանդր Եսայեան:
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Եսայեան յայտարարեց, որ այս հանգրուանին «այս առումով աւելին չենք կարող ասել, սակայն կ՛ասեմ, որ անակնկալներ սպասւում են»:
WCIT 2019 համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, 6-9 Հոկտեմբերին, Հայաստանի կառավարութեան բարձր հովանիին տակ եւ անոր աջակցութեամբ:
Համաշխարհային մակարդակի այս ժողովը կը կազմակերպէ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ սպասարկութիւններու համաշխարհային դաշինքը (WITSA)։ Զայն վարելու պարտականութիւնը ստանձնած է «Reddit» կայքի եւ «Initialized Capital» հաստատութեան հիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան, իսկ մասնակցողներու շարքին պիտի ըլլան տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի մասնագէտներ, պաշտօնական անձեր եւ յառաջատար ընկերութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ: