ԵՐԵՒԱՆ.- Շաբաթ օր, Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ մեծահանդէս արարողութիւններով իրենց աւարտին հասան Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերը։
20ամեայ խաղերուն փակման արարողութեան սկիզբը, ներկաներուն խօսք ուղղեց Համահայկական խաղերու համաշխարհային յանձնախումբի նախագահ Իշխան Զաքարեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց պետական եւ ոչ-պետական բոլոր կառոյցներուն, մասնակցողներուն, մրցավարներուն եւ լրագրողներուն։ Յայտնեց որ խաղերը հաստատուն կամուրջ դարձած են Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միջեւ։
Ներկաներուն հրաժեշտի խօսք ուղղեց նաեւ խաղերու հիմնադիր անդամներէն Ալպերթ Պօյաճեան, որ ըսաւ, թէ մարզանքը իրարու կը միացնէ համայն հայութիւնը։
Համահայկական խաղերուն լաւագոյն մարզական պատուիրակութիւնը ընտրուեցաւ Ռուսիոյ խումբը, իսկ «Արդար խաղ»ի մրցանակը ստացաւ պասքեթպոլի Հալէպի աղջկանց խումբը։ Մր-ցումներուն գեղեցկուհի հռչակուեցաւ Ռուսիայէն վոլիպոլի մազրիկ Աննա Թունեան։
Համահայկական խաղերուն յայտնութիւնը Տուպայի պատուիրակութիւնն էր։
«Կարգապահութեան ու մարզական ոգի»ի մրցանակին արժանի նկատուեցաւ Վիեննայի պատուիրակութիւնը։ Համահայկական խաղերուն պատմութեան մէջ առաջին անգամ լաւագոյն քաղաքներ հռչակուեցան՝ Էջմիածնի ու Սիտնիի պատուիրակութիւնները։ Բոլոր մրցանակակիրները իրենց պարգեւները ստացան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձեռամբ։
Վարչապետը իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ համահայկական խաղերուն 14 օրերուն ընթացքին, համայն հայութիւնը վայելեց միասին ըլլալու բերկրանքը եւ փաստեց, որ միասնական է։ Փակման արարողութիւնը կը յուշէ, որ աշխարհի բոլոր հայերուն համար կայ մէկ մայրաքաղաք, որ Երեւանն է, ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ անկախ քաղաքական եւ կուսակցական պատկանելիութիւններէն, մենք միշտ միասնական պիտի ըլլանք։
Պաշտօնական ելոյթներէն ետք սկսաւ գեղարուեստական բաժինը, որուն ընթացքին իրենց կատարումներով հանդէս եկան սիրուած երգիչ-երգչուհիներ։
Յիշեցնենք որ այս խաղերուն կը մասնակցէին 5244 մարզիկներ՝ աշխարհի 35 երկիրներու 161 քաղաքներէ։ Խաղերուն քանի մը մարզաձեւեր տեղի ունեցան Ստեփանակերտի, Մարտակերտի եւ Ասկեանի մէջ, իսկ հիմնական մրցումները շարունակուեցան Երեւանի մէջ։ Այս տարի կը մասնակցէին երեք նոր երկիրներ՝ Չեխիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Իրաք։ Խաղերուն չէր մասնակցած Պոլսոյ խումբը, նկատի ունենալով Արցախ այցելելու գծով Պաքուի սպառնալիքները։
Համահայկական խաղերու կազմակերպչական գործին մէջ մեծ ներդրում ունենալուն համար, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան պարգեւատրուեցաւ պատուոյ շքանշանով:
Աւարտին, Ողիմպիական ախոյեաններ Հրաչեայ Պետիկեան եւ Իսրայէլ Միլիտոսեան իջեցուցին խաղերուն դրօշակը եւ մարեցին նաեւ ջահը՝ ազդարարարելով Համահայկական 7դ ամառնային խաղերուն փակումը: