Չորեքշաբթի, 14 Օգոստոսի երեկոյեան, Գամիշլիի առաջնորդական փոխանորդի տեղապահ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի գլխաւորած ազգային պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ նորակազմ թաղականութեան, Ազգային Եփրատ վարժարաններու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները եւ տնօրէնները, ինչպէս նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչները, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Գամիշլիի նորանշանակ քաղաքապետին:
Պատուիրակութեան անդամները փոխանցեցին նաեւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի շնորհաւորանքը: Ապա անոնք քաղաքապետին ծանօթացուցին Գամիշլիի մէջ գործող հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ազգային վարժարաններու պատասխանատու մարմինները եւ անոնց գործունէութիւնը:
Քաղաքապետը ջերմօրէն ընդունեց պատուիրակութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնելով՝ բարձրօրէն գնահատեց այս դժուար տարիներուն եռանդով գործող հայ համայնքը:
Իր կարգին, թաղականութեան անունով բժշկ. Սերոբ Բագրատեան շեշտեց գամիշլիահայութեան անսակարկ նուիրումը սուրիական հայրենիքին, զօրակցութիւնը նախագահին եւ սուրիական յաղթական բանակին, դիտել տալով որ հայերը՝ իբրեւ հաւատարիմ սուրիացիներ կը գործեն ի նպաստ սուրիական հայրենիքի վերելքին եւ բարգաւաճման:
Անդրադառնալով վարժարաններու ներկայ իրավիճակին, Ազգային Եփրատ նախակրթարանի տնօրէնուհի, փաստաբանուհի Լուսին Աւետիսեան ամփոփ զեկոյցով ներկայացուց վարժարաններու կրթադաստիարակչական աշխատանքը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները: