ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա», «Արմէնփրէս».- 19 Օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունեց Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) առաքելութեան Ստեփանակերտի գրասենեակի ղեկավար Փիեռ-էմմանուէլ Տուքրուէն:
Տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում տակաւին չպարզուած հանգամանքներու մէջ Ատրպէյճանի մէջ յայտնուած Արցախի Հանրապետութեան բանակի զինուոր Արայիկ Ղազարեանի ճակատագիրին վերաբերեալ: Այս պարունակին մէջ ընդգծուեցաւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին հետեւելու հակամարտութեան կողմերու ստանձնած պարտաւորութիւններու գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց առկայ փոխգործակցութեան շարունակութեան կարեւորութիւնը եւ հաստատեց նախարարութեան պատրաստակամութիւնը՝ կարելի եղածին չափ աջակցելու Կարմիր Խաչի գործունէութեան: