ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 2018 թուականին, Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան Կեդրոնացեալ հաշուառման տուեալներուն համաձայն, երեխայ որդեգրել ուզողներուն թիւը եղած է 198, անոնց 155ը՝ Հայաստանի քաղաքացիներ են, իսկ 43ը՝ օտար:
Միեւնոյն ժամանակաշրջանին որդեգրուելիք երեխաներուն թիւը 81 է, անոնցմէ որդեգրուած են 48ը. 22ը՝ Հայաստանի քաղաքացիներու, 26ը՝ օտար քաղաքացիներու կողմէ:
Հայաստանի կառավարութիւնը որդեգրման գործընթացի կանոնակարգման առաւել յստակ մեքանիզմներ սահմանող նախագիծ մշակած է՝ մասնաւորապէս որդեգրման ենթակայ երեխաներու անձնական (սահմանափակ) տուեալները որդեգրել ուզողներուն տրամադրելու առնչուած յարաբերութիւններուն մէջ, որդեգրել փափաքող անձերուն եւ որդեգրման ենթակայ երեխաներու տուեալներու համադրման եւ երեխայի խնամքի վերահսկողութեան իրաւակարգաւորումներուն մէջ: